2013-09-12 07:55:02

Դիւանագիտութեան Առիթ Ընծայելով`. Օպամա Քոնկրեսէն Կը Խնդրէ Սուրիոյ Դէմ Ուժի Օգտագործման Բանաձեւին Շուրջ Քուէարկութիւնը Յետաձգել


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա երէկ ամերիկացի ժողովուրդին ուղղուած պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին Քոնկրեսէն խնդրեց Սուրիոյ դէմ ուժի օգտագործման բանաձեւին շուրջ «ներկայիս քուէարկութիւն չկատարել` սպասելով դիւանագիտական ջանքերուն»` աւելցնելով, որ բանակէն պահանջած է «պատրաստ ըլլալ դիւանագիտութեան ձախողութեան պարագային միջամտելու»:
Ան նշեց, որ իր ուզածը «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելու կարողութիւնը ջլատելու զինուորական սահմանափակ հարուած մըն է», որուն նպատակը «Ասատի քիմիական զէնք օգտագործելուն արգելք հանդիսանալն է»:
Օպամա ընդգծեց, որ սուրիական հողերուն վրայ ամերիկացի զինուորներ պիտի չտեղակայէ` նշելով, որ «Իրաքէն եւ Աֆղանիստանէն ետք զինուորական արարքի գաղափարը ժողովրդականութիւն վայելելէ դադրած է»: «Հարուածները Ասատի պիտի ուղղեն այն պատգամը, որ աշխարհի մէջ մեզմէ բացի ոչ ոք կրնայ յղել», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով, որ «եթէ չշարժինք, Ասատ պիտի կարծէ, որ կրնայ իր ժողովուրդին եւ դրացիներուն դէմ քիմիական զէնքեր օգտագործել, իսկ Իրան պիտի կարծէ, որ կրնայ իր հիւլէական ծրագիրի զարգացումը շարունակել»:
Օպամա ըսաւ, որ «մեր տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, որ սուրիական վարչակարգը իր ուժերուն հրամայած է քիմիական զէնքերը օգտագործել»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսաւ, որ «Ռուսիա կ՛ուզէ մասնակից դառնալ Ասատը քիմիական իր զէնքերէն հրաժարելու մղելու աշխատանքին»` վստահեցնելով, որ Իսրայէլ կրնայ բռնի ուժով եւ ամերիկեան աջակցութեան շնորհիւ ինքզինք պաշտպանել:
«Տակաւին շատ կանուխ է ըսելու, թէ Ասատը իր երկրին քիմիական զէնքերու վերահսկողութիւնը յանձնելու մղելու դիւանագիտական ջանքը յաջողութեամբ պիտի պսակուի՞, թէ՞ ոչ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին պիտի ներկայացնեն բանաձեւ մը` երաշխաւորելու համար, որ Սուրիա իր խոստումները կը կատարէ` ընդգծելով, որ «անցնող քանի մը օրուան ընթացքին արձանագրուած դրական զարգացումները զինուորական սպառնալիքի ճնշումին արդիւնքն են»:
Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին Օպամա ըսաւ, որ «ոչ ոք կրնայ բռնի ուժի օգտագործումով քաղաքացիական պատերազմի մը վերջ տալ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.